2015-06-30 09:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Էքուատոր` Պոլիվիա եւ Փարակուէյ առաքելական ճամբորդութեան ծրագիրը։


 (Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ` 5էն 13 յուլիս Ֆրանչիկսոս Սրբազան Պապը իր քահանայապետութեան առաքելական 9-րդ ճամբորդութիւնը պիտի կատարէ` Լատին Ամերիկեան սպանախօս երեք երկիրներուն` Էքուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուէյ, որոնք նկատուած է Լատին Ամերիկայի ''արուարձանային'' երկիրներ եւ որոնք Ֆրանչիկոս Պապին սրտին կը խօսին։

Երեք երկիրներն ալ ուրախութիւնը ունեցած են հիւրընկալելու այլ քահանայապետ մը ` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը։  Էքուատորը 1985-ին, մինչ Պոլիվիան եւ Փարակուէյը 1988-ին։

Եօթը օր տեւող այս ճամբորդութիւնը ունի խիտ յայտագիր մը եւ վեց օրուայ աշխատանքային ծրագիր։ Միջին հաշիւով Ֆրանչիսկոս Պապը ամէն մէկ երկրին մէջ պիտի մնայ 48 ժամ, այցելելով ամէն մէկ երկրի երկու Արքեպիսկոպոսական թեմերը։

Երեք երկիրներուն մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ. Երկրին նախագահին ու պատկան իշխանութիւններուն հետ, տեղական եպիսկոպոսներուն հետ, քաղաքացիական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ ինչպէս նաեւ տեղական կղերական եւ կրօնաւորական դասին հետ։ Ապա ամէն մէկ երկիր մէջ պիտի ունենայ իւրայատուկ հանդիպումներ` Էքուատորի մէջ պիտի այցելէ Քալքութայի Մայր Թերեզայի տարեցներու խնամակալութեան մէկ կեդրոնը ինչպէս նաեւ ''Աստուածային Ողորմութեան'' սրբավայրը։ Պոլիվիայի մէջ պիտի այցելէ Լատին Ամերիկայի ամենամեծ բանտը` հուսկ պիտի մասնակցի ''Ժողովրդական շարժումներու'' Բ համաշխարհային հաւաքին։ Յայտնենք թէ սոյն հաւաքին առաջին հանգրուանը տեղի ունեցած էր Վատիկանի մէջ 2014-ի Հոկտեմբերին։ Հաւաքը կը վայելէ Քահանայապետական` Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն խորհուրդի հովանաւորութիւնը։

Փարակուէյի մէջ Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ Մանկաբուժական կեդրոն մը եւ ''ժողովրդային'' աղքատ եւ ջուրի վրայ կառուցուած մէկ թաղամաս մը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը իր այս 9-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը պիտի եզրափակէ Փարակուէյի մէջ երիտասարդութեան հետ ունեցած հանդիպումով։

Առաքելական ճամբորդութեան բոլոր պատգամները պիտի արտասանուին սպաներէն լեզուով։ Նորին Սրբութիւնը պիտի արտասանէ ընդամէնը 22 ճառեր` մինչ փոխադրութեան համար պիտի օգտագործէ, այս առթիւ իրեն տրամադրուած ''պարզ'' ինքնաշարժներ եւ Քահանայապետական բացօթեայ փոխադրակառքեր։

Նորին Սրբութեան այս ճամբորդութեան պիտի ընկերանան, բացի եկեղեցական եւ վատիկանեան պատուիրակութիւնէն,  միջազգային մամուլը ներկայացնող` 75 լրագրողներ։

Իտալիայէն Լատին Ամերիկայ Ճամբորդութիւնը պիտի տեւէ 13 ժամ, մինչ եզրափակիչ հաւաքին նախատեսուած է ներկայութիւնը աւելի քան 1 միլիոն արժանթինցի հաւատացեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.